Առաջարկներ

Ընդունելութիւն

«ՀՀՀ-ի կրթական հարթակ» նախագիծը սկիզբ առաւ 26 Մարտ, 2020-ին, COVID-19 –ի ճգնաժամի ընթացքին, արձագանգելով ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութեան առաջարկին, առցանց կրթութեան հնարաւորութիւնները ընդլայնելու միտումով:
Նորարար այս ել. հարթակը Հայաստանէն եւ սփիւռքէն միացած մասնակիցներուն համար նոր փորձառութիւն մը հանդիսացաւ: Առցանց այս նախագիծին միացած շուրջ 1500 մասնակիցներ, հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը բացայայտելու հնարաւորութիւնը ունեցան:
Նախաձեռնութիւնը ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան կողմէ բարձր գնահատուեցաւ եւ արժանացաւ մասնակիցներու դրական արձագանգին: Քանի մը ամիս ետք, Մայիսին, մեկնարկեց երկրորդ մասը՝ յագեցած նոր գաղափարներով։
Առցանց կրթական հարթակը ներկայացուց հետաքրքրական նիւթեր հայկական մշակոյթի, լեզուի, պատմութեան, կրօնի, ճարտարապետութեան, խոհանոցի, ճատրակի եւ այլ նիւթերու մասին: Նիւթերը մեծ մասամբ քաղուած էին ՀՀՀ-ի ել. գիրքերէն, առցանց դասընթացքներէն եւ ՀՀՀ-ի կազմակերպած ձեռնարկներէն. հասանելի եօթը լեզուներով՝ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ թրքերէն։ Առցանց աշխատանիստերու ընդմէջէն, հիւր-բանախօսները կը ներկայացնեն հետաքրքրական փաստեր հայոց պատմութեան, մշակոյթի, աւանդոյթներու եւ տօներու մասին: Այս ծրագիրը կ'օգնէ բացայայտելու հայկական ժառանգութեան արժէքները:
Նախագիծին հետեւողները մասնակցեցան «Հայկական ժառանգութեան հետքերով» խորագիրը կրող մրցոյթին՝ բացայայտելով հայկական ժառանգը՝ իրենց բնակած երկիրներուն մէջ։
Եկէ՛ք միասին բացայայտենք եւ սորվինք: